2013-07-01 14:57:44

Եգիպտոսի Պատմութեան Մէջ Ժողովրդային Մեծագոյն Բողոքի Ցոյցերը` Մուրսիի Հրաժարականին Պահանջով


Երէկ Եգիպտոսի ընդդիմութիւնը կազմակերպեց երկրին ամբողջ տարածքին ծաւալած ժողովրդային զանգուածային ցոյցեր` նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հրաժարականին պահանջով:
Ըստ «Պի. Պի. Սի.» կայանին, երէկուան ցոյցերը պատմութեան մեծագոյն ժողովրդային ընդվզման արտայայտութիւններն էին: Եգիպտական բանակը իր կարգին հաստատեց, որ այս ցոյցերը աննախընթաց են Եգիպտոսի պատմութեան մէջ եւ քանի մը անգամով կը գերազանցեն անցեալ տարուան յունուարին նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի դէմ ծաւալած ցոյցերը:
Ցոյցերուն զուգահեռ եգիպտական զանազան շրջաններու մէջ բախումներ արձանագրուեցան իշխանամէտ ուժերու եւ ընդդիմադիրներու միջեւ: Բախումներուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուեցան 3 զոհեր եւ աւելի քան 300 վիրաւորներ:
Այս մթնոլորտին մէջ ընդդիմադիր «30 յունիսի ճակատը կոչ ուղղեց երեքշաբթի օր միլիոն հոգինոց ցոյց կատարելու` Մուրսիի եւ Իսլամ եղբայրներու իշխանութեան հեռացման պահանջով:







All the contents on this site are copyrighted ©.